Thursday, March 18, 2010

ALL THE BANQUET PICTURES...

To view ALL the pictures of the 12/3/10 75th Anniversary Banquet, go to facebook to shamlian tatikianAdmin.

Wednesday, March 17, 2010

More Pictures from the Banquet

View More Pictures HERE or follow the link on the side Bar.

Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական Վարժարանի 75ամեակը



Ուրբաթ, 12 Մարտ 2010ին Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանը նշեց իր 75րդ տարեդարձը,ներկայութեամբ վարժարանին մեծ ընտանիքին ներկայացուցիչներուն՝ նոր ու հին շրջանաւարտներու, ուսուցիչներու, հոգաբարձուներու, բարեկամներու եւ բարերարներու, ինչպէս նաեւ ՄԱՀԱԵՄի Նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Տիար Անդրանիկ Մսըրլեանի եւ նախկին պետական երեսփոխան Տոքթ. Նուրիճան Տեմիրճեանի:

75ամեակի Յանձնախումբին (Տոքթ. Աւետիս Չաքմաքեան, Տիկք. Անիթա Անտոնեան, Արփի Շարլաքեան, Օրդք. Անի Սարգիսեան, Սոնիա Սիսլեան եւ Ճոաննա Մոմճեան) կազմակերպութեամբ պատրաստուած էր կոկիկ յայտագիր մը, զոր վարեց Յանխնախումբին ատենապետը՝ Տոքթ. Աւետիս Չաքմաքեան:

Բացման խօսքը՝ բարի գալուստի մաղթանքներով, կատարեց վարժարանին հոգաբարձական կազմին ատենապետը՝ Տիար ճան Սաղըրեան, որ ապա բեմ հրաւիրեց Վեր. Դոկտ. Փ. Հայտօսթեանը որ աղօթք մատուցանէ:

Գեղարուեստական յայտագրով ներկաներուն հրամցուեցան դաշնակի վրայ երաժշտական կտորներ՝ կատարողութեամբ երիտասարդ խմբավար եւ երաժշտահան Կարօ Աւեսեանի, հայկական ժողովրդական երգեր՝ մեկնաբանութեամբ երաժշտանոցի ուսուցիչ եւ երգիչ Պրն. Գէորգ Պէպէճեանի, հայկական տոհմիկ պարեր՝ կատարուած վարժարանին Սիփան պարախումբին աղջիկներուն կողմէ, Դ. Վարուժանի ծանօթ քերթուածներէն համադրուած ասմունքի կտոր մը՝ կատարողութեամբ շրջանաւարտուհի Թամար Նալպանտեանի: Իսկ գաղութին հանրածանօթ խմբավար երաժիշտներէն Զաքար Քէշիշեան կատակով համեմուած իր աաշկերտական յուշերէն դրուագներ ներկայացուց եւ ապա շուիի վրայ նուագեց, նշելով թէ այդ նոյն բերմին վրայ էր որ առաջին անգամ ինք շուի նուագած էր:

Գեղարուեստական յայտագրին աւարտին Ճոաննա Մոմճեան լուսանկարներով ներկայացուց Պուրճ Համուտը երէկ եւ Այսօր , որմէ ետք Շամլեան-Թաթիկեանի տնօրէնը՝ Պատուելի Հրայր Չոլագեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոնց որոնք ձեռնարկին յաջողութեան համար անսակարկ աշխատեցան: Ան իր խօսքին մէջ նաեւ նշեց թէ 75ամեակը տօնելը նաեւ ապագային համար կարեւոր է, որովհետեւ վարժարանը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը: Իր խօսքին աւարտին Պատ. Չոլագեան բեմ հրաւիրեց Պուրճ Համուտի քաշաքապետ Տիար Անդրանիկ Մսըրլեանը: Բեմ բարձրացան նաեւ Վեր. Մ. Գարակէօզեանն ու Տիար Ճան Սաղըրեանը, որպէսզի Տիար Մսըրլեանին յանձնեն գնահատական յուշանուէր մը՝ անոր բոլորանուէր ծառայութեանց համար, զորս կատարեց թէ՛ Պուրճ Համուտի եւ թէ՛ վարժարանին բարօրութեան ի խնդիր: Յուշանուէրի յանձնումին յաջորդեց յոբելինական կարկանդակին հատումը:

Ձեռնարկին աւարտին Վեր. Մ. Գարակէօզեան իր փակման խօսքին մէջ շեշտեց թէ անցեալն է որ ապագան կը կերտէ, ուստի հարկ է յիշել անցեալն ու թելադրուիլ անկէ՝ գալիքին համար: Ապա ան մատուց օրհնութեան աղօթքը:

Յոբելինական ճաշկերոյթին մասնակցողները մեկնեցան նորոգուած յիշատակներով եւ յաջող ու բեղուն տարիներու ջերմ մաղթանքներով: